2015-06-08 09:53:00

Քահանայապետին Քուպա այցելութեան պատրաստութեան բնաբանը`''Ողորմութեան առաքեալը''


(Ռատիօ Վատիկան) Քուպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քուպա այցելութեան նախապատրաստութեան որպէս բնաբան ընտրեց.  ‘’Ողորմութեան առաքեալը’’ ։

Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ Սեպտեմբեր ամսոյն մէջ։ ՅՊԲ Պապի այցելութիւնը ունեցաւ որպէս Բնաբան. ‘’Պատգամաբերը ճշմարտութեան ու յոյսի’’, մինչ Պենետիկտոս ԺԶ Պապի այցելութեան բնաբանը եղաւ. ''Սիրոյ ուխտաւորը''։

Քուպայի եկեղեցին կը սպասէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը  որպէս `''Ողորմութեան առաքեալը''։

Այս առթիւ Քուպայի եպիսկոպոսները կը գրեն. ''Բնականաբար այս բնաբանը հրաւէր մըն է Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն (8 Դեկտեմբեր 2015 -20 Նոյեմբեր 2016) հռչակուած  ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ  անցեալ 11 Ապրիլին։

''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, որոշած է Յոբելեան տարւոյն ընթացքին ուղարկել ողորմութեան առաքեալներ բացայայտելու Հօր Աստուծոյ Ողորմութեան խորհուրդը` աղբիւր ուրախութեան անդորրութեան ու խաղաղութեան'' կը գրեն միշտ Քուպայի եպիսկոպոսները հրաւիրելով Քուպացիները խանդավառութեամբ ընկալելու Պապին խօսքերը որպէսզի բոլորիս սորվեցնեն իրեն նման դառնալու ողորմութեան առաքեալներ։

Քուպայի այցելութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս պապին 10-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը։ Քուպայի առաջին հանգրուանէն ետք Նորին Սրբութիւնը պիտի ուղղուի ԱՄՆ մասնակցելու Ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումին։

2015 տարեշրջանին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը չորս միջազգային ճամբորդութիւններ կը կատարէ. Սրի Լանքայ ու Ֆիլիփփինեան կղզեխումբ անցեալ Յունուարին կատարած  այցելութենէն ետք, 6 Յունիսին այցելեց Սարայեւոն, ապա կը մեկնի Լատինամերիկայ, երեք հանգրուաններով` Էկուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուէյի 5-13 Յուլիս մինչ Սեպտեմբերին կ՛այցելէ Քուպան ու Միացեալ նահանգները։








All the contents on this site are copyrighted ©.